2016-11-06 12:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդծութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 նոյեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն, աւանդութեան համաձայն, արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին ուր  Յիսուս կը հաստատէ թէ այս աշխարհի տրամաբանութիւնը կարելի չէ համեմատել այս կեանքէն անդին կայացած իրականութիւններուն հետ. ''Այս աշխարհի որդիները կին կամ ամուսին կ՛առնեն։ Իսկ անոնք որ արժանի պիտի ըլլան հասնելու հանդերձեալ կեանքին եւ յարութեան, ոչ կին կ՛առնեն եւ ոչ ալ ամուսին, որովհետեւ այլեւս չեն կրնար մեռնիլ, նման են հրեշտակներու եւ Աստուծոյ որդիներն են''։ Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ պատասխանելու համար Սադուկեցիներուն որոնք կը մերժէին մեռեալներու յարութիւնը։ Յիսուս արդարեւ ուզեց անոնց բացատրել թէ այս երկրի վրայ կ՛ապրինք անցողական իրականութիւններ, մինչ յարութենէն ետք այլեւս մահ չկայ։

''Երկնքի ու յարութեան որդիները առանձնաշնորհեալ քիչ անձեր չեն, այլ բոլոր մարդիկն ու կիներն են'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուսին փրկութիւնը կը հայի մեզմէ իւրաքանչիւրիս։  Յարութիւնը­, ըսաւ Ան, մեր քրիստոնէական հաւատքին հիմքն է, ապա թէ ոչ քրիստոնէութիւնը կը դառնայ պարզ բարոյագիտութիւն կամ կեանքի փիլիսոփայութիւն։ Մինչ Քրիստոնէական հաւաքի պատգամը երկնքէն կու գայ` եւ Աստուծմէ յայտնուած է։ Հաւատալ յարութեան` հիմնական է, որպէսզի մեր ամէն մէկ քրիստոնէական ներգործութիւն չմնայ անպտուղ ու ինքնիր մէջ փակուած, այլ դառնայ սերմ` հաստատուած  Աստուծոյ պարտէզին համար­,  յաւիտենական կեանքի համար պտուղներ ծլելու համար։

Թող որ Սուրբ Կոյսը` Մարիամը, երկնքի ու երկրի Թագուհին, մեզ վերահաստատէ յարութեան յոյսին մէջ, ու մեզի օգնէ մեր սրտերուն մէջ սերմանուած իր Զաւկին խօսքը պտղատու դարձնելու` բարի ներգործութիւններով - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.